2011-06-23 12:51:37

2011-ի Գարիթասի Մրցանակը Շնորհուեցաւ Տիկին ֆլորես Օէպանտայի` Իգական Սեռի Չարաշահութեան Դէմ Իր Մղած Պայքարին Համար։


Զուիցերիոյ Գարիթասը 2011-ի իր մրցանակը շնորհեց տիկին ֆլորես Օէպանտայի, փիլիպպեան կղզեխումբէն, անոր ՜՜դերատի աղջիկներու եւ կիներու մարմնավաճառքի, եւ այլ բռնութիւններու չարաշահութեան դէմ՝՝ մղած պայքարին համար՝՝։
Տասը հազար զուիցերական ֆրանք արժող մցանակի տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լիւչերնա քաղաքը, աւելի քան 630 հոգիի ներկայութեամբ։ Արարողութեան նախագահը տիար Մարթէն Տահինտեն մեծարեց մրցանակիրը ու վեր առաւ անոր տարած աւելի քան 20 տարուայ յանձնառումը՝ պայքարելու մարմնավաճառքի դէմ, ինչպէս նաեւ աղքատ եւ շինական դասակարգի ի խնդիր իր անսակարկ նուիրումին համար։
Յայտնենք թէ՝ տիկին ֆլորես Օէպանտան օգնութեան հասած է աւելի քան 40 հազար աննպաստ պայմաններու մէջ ապրող երախաներուն, անոնց տալով կարելիութիւնը լաւ ապագայ մը ունենալու։ ''Ան աւելի քան արժանի է այս մրցանակին'' ըսաւ Մարթէն Տահինտէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.